Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմի արտադրող Տիար Մանուէլ Սարիբեկեանը, որուն կ’ընկերանար ֆինլանտացի պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենը, որ մեծ ներդրում ունեցած էր ֆիլմի իրագործման մէջ։
«Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ու յատկապէս որբերու ծառայութիւն մատուցած հինգ միսիոնարուհիներու՝ Մարիա Ճէյքըպսընի (Դանիա), Քարեն Եփփէի (Դանիա), Պոթիլ Պէոռնի (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսընի (Շուէտ) եւ Աննա Հետուիկ Պիւլի (Էսթոնիա) կեանքերը։ Ֆիլմը մեծ յաջողութիւն գտած է եւ տարիէ մը ի վեր կը ցուցադրուի աշխարհով մէկ։
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց հայրենի արուեստագէտն ու Դոկտ. Լունտկրենը իրենց այս կարեւոր իրագործումին համար։ Ան հաստատեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն միսիոնարներ հսկայական զոհողութիւններ մատուցած են եւ հազարաւոր որբերու կեանքը փրկած։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ երախտագիտական այս զգացումէն մեկնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանին բացումը կատարեց, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ է եւ կը վկայէ հայասէր միսիոնարներուն կատարած մարդասիրական առաքելութեան մասին ու կը պանծացնէ անոնց յիշատակը։