15 Սեպտեմբերի, 2016

«ԱՐՄԷՆՕՖԱՍԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

 
 
Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
 
Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց, անցնող օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող, Արմէնօֆասի յանձնախումբը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Արմէնօֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան՝ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը՝ հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու սերտ բարեկամութեան։
 
Արմէնօֆասը հիմնադրամ մըն է, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն կողմէ հաստատուած է՝ օժանդակելու համար ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու ընկերային ծառայութեան առնչուած զանազան ծրագիրները: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին հիմնադրամը փոփոխութեան ենթարկուած է, ստեղծուած նոր պայմաններու լոյսին տակ: Ներկայիս ան ունի գործունէութեան յստակ ուղեգիծ: Արմէնօֆասը հովանաւորող մարմիններն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութիւնը: Արմէնօֆասի յանձնախումբին մաս կը կազմեն այս երկու կողմերը ներկայացնող անձեր: Ներկայ յանձնախումբի անդամներն են Տիկին Թենի Սիմոնեան-Փիրի՝ ատենապետուհի (Զուիցերիա), Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան (Յունաստան), Տիար Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան), Տիար Ալեքքօ Քէօշէյեան (Զուիրցերիա), Տիկին Հայկուհի Եաղճեան (Յունաստան), Վեր. Ռուտոլֆ Ռանֆեր (Զուիցերիա) եւ Մեթր Ֆրանսուա Փայօ (Զուիցերիա):
 
Հանդիպումը տեւեց երկու օր։ Եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան։ Ապա, ժողովականները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան։ Արմէնօֆասի զուիցերիացի անդամները յուզումով դիտեցին Թանգարանին մէջ ներկայացուած պատկերներն ու իրերը, յատկապէս հոն տեսնելով Զուիցերիոյ մատուցած մարդասիրական օժանդակութիւնն ու ընկերային ծառայութիւնը՝ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերուն։
 

More News