ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԼՈՊԸԼ ՔՐԻՍՉԸՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

 

25-28 Մայիս 2016-ին, Սայտըդ ըլ Պիր Վանքին մէջ (Լիբանան), տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի նուիրուած խորհրդակցական երկրորդ հանդիպումը Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի (Global Christian Forum) կազմակերպութեամբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համագործակցութեամբ։ Ժողովին ներկայ էին Ֆորումի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլլըր, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխ եւ շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Սոյն հանդիպումին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեան Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։

 

            Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի դժուարութիւնները, գաղթականութեան հարցը, քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան կարեւորութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ու շրջանի եկեղեցիներուն համագործակցութեան ամրապնդումը։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէր պատերազմներն ու վայրագութիւնը շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ կը յայտնէր եկեղեցիներու ամբողջական զօրակցութիւնը՝ կասեցնելու քրիստոնեաներու շրջանէն արտագաղթը։ Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհակալութիւնը յատնեցին Ֆորումի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութեան համար։