Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն՝ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, այս տարի եւս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս նշուեցաւ հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան հիմնադրութենէն՝ 1952-էն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը հռչակուած է որպէս Պիքֆայայի Վանքի «Ուխտի Օր», ինչ որ կը շարունակուի կատարուիլ մինչեւ այսօր՝ աւելի պայծառակերպուած ձեւով:
Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող չորս տարիներու իր աշխատանքներուն մէջ յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն տուաւ Ս. Աստուածածին Վանքին, զայն փոխակերպելով վանական ամբողջական համալիրի ու Վանքը մկրտելով «Սուրբ Աստուածածին» անունով։ Այս բարեզարդումները նաեւ խրախուսեցին ուխտաւոր ժողովուրդը իր կապուածութիւնը ամրապնդելու Սուրբ Աստուածածնի նկատմամբ, աւելի եւս շեշտելու եւ յաճախ յիշեցնելու Աստուածամօր դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու: Ս. Աստուածածնայ Վանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներով՝ տիրական էր երիտասարդներուն թիւը, որոնք իրենց աչալուրջ մասնակցութիւնը բերին եկեղեցական արարողութեանց:
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի։
Պատարագէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի եւ Մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, միաբան հայրերու եւ ուխտաւոր հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքներուն հետ միատեղ: Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փոխանցեց յատկապէս շեշտելով Սուրբ Աստուածածնի մայրութեան տիպարը։ «Աստուածամայրն է, որ անգամ մը եւս մեզ բերաւ այստեղ։ Ս. Աստուածածինն է, որ մեզ իրեն հրաւիրեց, իր հետ ըլլալու եւ իր անձէն ու կեանքէն ճառագայթող շնորհքներով մեր կեանքը ծաղկազարդելու։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ այնքան զմայլելի, հոգեւոր բառերով ու պատկերներով ներկայացուած է Ս. Կոյսը՝ մեր հայրերուն, մատենագիրներուն եւ բանաստեղծներուն կողմէ, սակայն այդ բոլոր գեղեցիկ բառերուն մէջ մայրութիւնն է, որ ցայտուն կերպով մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մնացած է տիրական ներկայութիւն։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածինը միշտ ներկայացուած է Յիսուս մանուկին հետ։ Մեզի համար Աստուածամայրը եղաւ մայր՝ բառին վաւերական իմաստով։ Մեր մայրերուն համար Ս. Աստուածածինը եղած է տիպար մօր ճշմարիտ ու վաւերական օրինակ։ Սիրելի մայրեր, Ս. Աստուածածինին մէջ պէտք է տեսնենք մեր մայրութիւնը, բայց մանաւանդ մեր առաքելութիւնը՝ ընտանիք կազմել եւ այդ ընտանիքը լեցնել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութեանց եւ ըսաւ. «Միջին Արեւելքէն ու Կովկասէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, միջ-պետական շահերու նոր ձեւաւորումները, որոնք, զգո՜յշ…, ի վնաս Հայաստանին ու Արցախին կրնան ըլլալ, պէտք է ճի՛շդ տեսնել ու ճի՛շդ գնահատել եւ համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել՝ ի պահանջել հարկին մեր դիւանագիտութեան միախառնելով մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին ու անտեղիտալի կամքը»։
Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի խորհուրդին, ստացան Պատարագի աւարտին օրհնուած մատաղն ու խաղողը, որպէս աստուածային օրհնութիւն: