ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

 
 
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն 24-25 Յունիսին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։ Այցելութեան մէջ ներառնուած են կրօնական, պետական եւ հրապարակային հանդիպումներ ու այցելութիւններ։ Պապին այցելութեան ծրագիրը մանրամասն կերպով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Դիւանին կողմէ արդէն իսկ հրապարակուած է։
 
Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենան Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Պապի այցելութեան ծրագրին պիտի մասնակցի յատուկ պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի. պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։