ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

 
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած հայագիտական նիւթերու դասընթացքի Դ. տարեշրջանը (2015-16) իր աւարտին հասաւ Յունիսի 15-ին։ Երկու օր անց, Յունիսի 17-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայիայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց դասընթացքին հետեւած ուսանողները, որոնց թիւը այս տարեշրջանին հասած էր 31-ի։
 
Այս դասընթացքը, որ սկիզբ առած էր 2012-13 տարեշրջանին, Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ առաւելաբար կը միտէր ամրապնդել ուսանողներուն արեւմտահայերէն լեզուի գիտելիքները։ Ընթացիկ տարեշրջանին, անոր դասաւանդութեանց ծիրը ընդարձակելով, տեսչութիւնը ընդգրկած էր հայագիտական տարբեր նիւթեր, հայագիտական կեդրոնի մը ստեղծումին հեռանկարով։
 
Վեհափառ Հայրապետը, շուրջ ժամ մը տեւող ընդունելութեան ընթացքին, բարձր գնահատեց ուսանողներուն հետեւողական աշխատանքները, ընդհանուր ակնարկ մը նետեց հայագիտութեան պարզած ներկայ վիճակին՝ յատկապէս Սփիւռքի մէջ եւ կարեւորեց հայագիտական այս դասընթացքին անհրաժեշտութիւնը։ «Գերագոյն ճիգը պիտի կատարենք, որպէսզի սկսուած այս յոյժ կարեւոր գործը հետզհետէ աւելի զօրանայ եւ արդիւնաւէտ գործօնի վերածուի», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։
 
Ապա, հանդիպումը վերածուեցաւ հաճելի զրոյցի, որուն ընթացքին ուսանողները իրենց կարծիքներն ու յետագայի ակնկալութիւնները փոխանցեցին։