Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՇԵՇՏԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները, շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Համաժողովին մասնակիցները եզրափակիչ յայտարարութեամբ կո՛չ ուղղեցին՝ անմիջապէս վերջ տալ պատերազմներուն եւ դադրեցնել ծայրայեղական շարժումներուն օգնութիւնը, ապահովել գաղթականներուն տունդարձը, դատապարտել ցեղասպանութեան ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական «զտում»ի բոլոր արարքները, զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատին,…