Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 18-20 Սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային համագումարին, կազմակերպուած Ումպրիայի Եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի Առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքեան Միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ։
Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանսիս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. Պատարագի ընթացքին, Շահան Արքեպիսկոպոս իր մասնակցութիւնը բերաւ ֆրանսերէն լեզուով արտասանուած աղօթքով մը՝ Հալէպի ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման նուիրուած։ Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը համագումարին։
Յաջորդ երկու օրերու ընթացքին, փոքր խումբերու միջոցաւ, մասնագիտական զանազան նիւթեր քննարկուեցան աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւնները կամ տագնապները եւ կատարուող խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները՝ քաղաքական թէ կրօնական, ինչպէս նաեւ՝ մարդկութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ձեռք բերուած արդիւնքները։
Շահան Սրբազան իր խօսքը արտասանեց անգլերէն լեզուով, ուր նախ Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնը եւ բարեմաղթութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան ընդգծեց «Փրկենք Հալէպը» կոչին առնչութեամբ ճշմարտութեան յայտնաբերման կարեւորութիւնը, երկխօսութեան հիմնական նշանակութիւնը խաղաղութեան վերականգնման ճանապարհին վրայ եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներու ընթերցումով խաղաղութեան վերականգնում մաղթեց մարդկութեան ներկայ կեանքին մէջ։
Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ համագումարի փակման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ասիզի քաղաքի մայր հրապարակին վրայ։ Սրբազան Հայրը առիթը ունեցաւ Պապին փոխանցելու Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ճաշին գտնուեցաւ Նորին Սրբութեան սեղանին վրայ: Աւարտին, տեղի ունեցան աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման նուիրուած հաւաքական աղօթք, կրօններու պետերու ողջոյնի խօսքերուն ու պատգամներուն ընթերցում, պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակում եւ խորհրդանշական մոմավառութիւն՝ յատկապէս Սուրիոյ եւ Հալէպի համար։
Սրբազան Հայրը Անթիլիաս վերադարձին Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց խաղաղութեան նուիրուած համագումարին Ս. Աթոռիս բերած շինիչ մասնակցութեան մասին։