ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԵՄԻՆԱՐ

 

Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութիւնը յատուկ իրավիճակ ստեղծած է շրջանի բնակիչներուն համար, որոնք ականատես կ’ըլլան բռնութեան, վայրագութեան, գաղթի եւ տեղափոխութեան։ Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նոր պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն եկեղեցիները, որոնց պարտաւորութիւնն է հասնիլ իրենց հաւատացեալներու ամէն տեսակի դժուարութիւններուն։ Այս պատճառով, 6-10 Յունիսին, Սայտըդ Ալ Ժապալ Վանքին մէջ, Ատմա-Լիբանան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն (Ե.Հ.Խ.) ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը համագործակցաբար կազմակերպեցին սեմինար մը՝ «Ծառայութեան Աստուածաբանութիւնը 21-րդ Դարուն Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն»։

 

Այս սեմինարը, որուն մաս կը կազմէին Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ եկեղեցիներուն հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւն մատուցող քրիստոնէական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, արդիւնքն էր 24-26 Փետրուար 2016-ին Ե.Հ.Խ.-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցական ժողովին։ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան մաս կը կազմէ երեք փուլերէ բաղկացած այս ծրագրի կազմակերպչական յանձնախումբին։

 

            Սեմինարի ընթացքին տեղի ունեցան Ս. Գրոց սերտողութիւններ, դասախօսութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ, որոնք կը միտէին ցոյց տալ եկեղեցիներու կարեւոր դերակատարութիւնը ընկերային ծառայութեան մէջ, ընկերային ծառայութեան աստուածաշնչական ու աստուածաբանական հիմքը եւ վերջապէս Միջին Արեւելքէն ներս ապրող քրիստոնեաներուն ներկայ կարիքները։ Սեմինարի ընթացքին որոշուեցաւ Նոյեմբեր 2016-ին Լիբանանի մէջ կազմակերպել համագումար մը, եկեղեցիներու կողմէ մշակուած ընկերային ծառայութեան ծրագիրներու մէջ աշխատողներու վերաւորակաւորման նպատակով։ Ճշդուեցաւ յառաջիկայ համագումարին օրակարգն ու սկզբունքները եւ պարտականութիւն տրուեցաւ յանձնախումբին լծուելու կազմակերպչական աշխատանքներուն։