Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներ կ’ունենայ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ։
Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութեան թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկոյցներ կը պատրաստեն։ Տրուած զեկոյցները առիթ կը հանդիսանան, որ միաբաններ աւելի խոր քննարկումներ կատարեն ներկայացուած նիւթերուն շուրջ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները կը յայտնէ, ուղղութիւններ կու տայ եւ հարկ եղած թելադրութիւնները կը կատարէ։
Դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս հանդիպումները կը միտին լուսաբանել միաբան հայրերը եւ միասնական կեցուածք ճշդել մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հետ առնչութիւն ունեցող տարբեր հարցերու շուրջ։