21 Հուլիսի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԿԱԹՈԼԻԿ ՆՊԱՍՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ» ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի 21 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը հիմնուած է Համաշխարհային Բ. Պատերազմի օրերուն՝ 1943 թուականին եւ կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։ Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութեան 70 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ օգտակար կը հանդիսանայ պատերազմներէ տառապող ու բնական աղէտներու հետեւանքով վնասուած համայնքներուն։

 

Պատուիրակութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները եւ Միջին Արեւելքէն ներս կազմակերպութեան տարած աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց կազմակերպութեան յանձնառութիւնը, եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան ճամբով աջակից դառնալու կարիքաւոր համայնքներուն՝ յատկապէս դպրոցական եւ ընկերաբժշկական ծրագիրներու միջոցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ բացատրեց Սուրիոյ հայութեան այսօրուան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ խօսեցաւ անոր կարիքներուն մասին։ 

 

More News