7 June, 2016

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԷ ԵՒ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՏՐԱՄԱԴԻՐ Է ԼՔԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԸ»

ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐԱՎԱՐ ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

 

Իր ամսական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի (ՀՀՀ) Վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութեանց 25-ամեակին առիթով, Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպեց հանդիպում-զրոյց մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ ՀՀՀ-ի անդամներուն եւ հրաւիրեալներուն:

 

Բացման խօսքով Ատենապետ Յակոբ Հանտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց օրուան յայտագրի գլխաւոր կէտերը: «Ինչպէս միշտ, այսօր եւս մեր ամսական հանդիպումներու ծիրէն ներս, հաւաքուած ենք արծարծելու հայութիւնը յուզող հարցեր, ուր առաջնակարգ նիւթ է Արցախի հարցը, յատկապէս՝ այսօր, երբ Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Ապա, ան խօսքը փոխանցեց Սիլվա Գարավարդանեանին, որ ներկայացուց օրուան բանախօս Զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեանը եւ հրաւիրեց, որ իր նիւթը փոխանցէ:

 

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Զօր. Գաբրիէլեան անդրադարձաւ Արցախի հարցի այժմու իրավիճակին, հանգամանօրէն թուելով ապրիլեան քառօրեայ դէպքերու բռնկումը, շարժառիթը, ազդեցութիւնն ու հետեւանքները Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ: Զօր. Գաբրիէլեան խօսեցաւ Արցախի բանակի կազմակերպչական կառոյցին, ներքին իրավիճակին եւ թշնամիին յաղթելու ատակութեան, պատրաստակամութեան եւ տուեալներուն՝ ռազմական թէ բարոյական դիտանկիւնէն: Ան արտայայտուեցաւ Արցախի բանակին եւ անոր զինակից սփիւռքահայ, յատկապէս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կամաւորներու պատրաստակամութեան ընդգծելով, որ անոնք խիստ կարեւոր դիրքեր կը պահեն իրենց հակակշիռին տակ: «Արցախի հայութիւնը հոն գոյութեան պայքար կը մղէ եւ անիկա ոչ մէկ պարագայի տրամադիր է լքելու իր պապենական հողը» ընդգծեց Զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեան յիշեցնելով, որ թէեւ թիւով քիչ ենք, բայց հայրենիքի պաշտպանութեան բարոյական ու յանձնառու մեր պատրաստակամութիւնը գերիվեր է ամէն նկատառումէ, յատկապէս անհաւասար ուժերու այս պատերազմին մէջ: Ցուցատախտակին վրայ յատուկ դիրքերու եւ քարտէսի նշումներով ան արտայայտուեցաւ մերձակայ երկիրներու կեցուածքին, անոնց ցուցաբերած դրական թէ ժխտական մօտեցումներուն, հայկական բանակին ռազմական սարքերու հզօրացման ու արդիականացման քայլերուն, անոնց օժանդակութեան եւ առնչակից ռազմավարական ծրագիրներու: Զօր. Գաբրիէլեան խիստ բարձր գնահատեց Արցախի հայկական բանակի զինուորական, պատերազմական պատրաստակամութիւնն ու ունակութիւնները, հիմնական նկատելով անոնց արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

More News