3 June, 2016

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՅՂԱԾ ՆԱՄԱԿԸ

 

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի կէսօրին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Դեսպան Մարթին Հութի հետ։

 

Առաջնորդ Սրբազանը նախ Դեսպանին յանձնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին յղած նամակը՝ Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով որդեգրած բանաձեւին առիթով։ Ապա, ան լիբանանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ Խորհրդարանին ու ժողովուրդին, մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յանձնառութեան։

 

Դեսպանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր արտայայտած երախտագիտական խօսքերուն համար, վստահեցնելով որ Գերմանիոյ ժողովուրդը մարդկային արժէքները բոլոր շահերէն գերիվեր կը դասէ։ Դեսպանը ընդունեց Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրը, Երկուշաբթի 13 Յունիսին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, հանդիպելու լիբանանահայ ղեկավարութեան ու ժողովրդային ներկայացուցչութեան հետ։ Դեսպանը նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։

More News