Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳՆԱՀԱՏԵՑ 2015-2016 ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՒՆՁՔԸ

 
 
 
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին (Հ.Հ.Հ.), Ուրբաթ 1 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի հայ համալսարանականներու հունձքի գնահատման յատուկ երեկոյ մը, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի շուրջ յիսուն համալսարանաւարտներ, ծնողներ, Հ.Հ.Հ.-ի անդամներ եւ բարեկամներ:
 
Համախմբումի վարչութեան Ատենապետ Տիար Յակոբ Հանտեան կատարեց գնահատանքի երեկոյին բացման խօսքը։ Ան շնորհաւորելէ ետք նոր համալսարանաւարտները, հրաւիրեց բոլորը մասնակից դառնալու Համախմբումի յառաջիկայ աշխատանքներուն՝ նոր շունչ եւ յաւելեալ աշխուժութիւն բերելով:
 
Յանուն շրջանաւարտներուն Վարանդա Եագուպեան եւ Վահէ Սէֆէրեան ընթերցեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապերտին ու Համախմբումի վարչութեան այս նախաձեռնութեան համար։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին հայ համալսարանաւարտին ունենալիք կարեւոր դերակատարութեան ազգային կեանքէն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութենէն ներս։
 
Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ նախ շնորհաւորեց նորաւարտ համալսարանականները, կարեւորելով վկայական ստանալու երեւոյթը, որ արգասիքն է տքնաջան աշխատանքի: Ան անդրադարձաւ համալսարանական ուսանողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, սակայն թելադրեց ըլլալ ուժեղ եւ յաղթահարող:
 
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ «Համալսարանաւարտները պէտք է մնան մեր գաղութին մէջ, եւ զօրացնեն զայն։ Տուեալները ցոյց կուտան, որ մեր գաղութը հետզհետէ կը պարպուի ուսանող խաւէն, որոնք կը ճամբորդեն օտար երկիրներ, տնտեսական աւելի լաւ պայմաններ ունենալու յոյսով: Մեր հայ գոծատէրերը իրենց գործարաններուն եւ գործատեղիներուն մէջ պէտք է տեղ տան հայ համալսարանաւարտին եւ ազգային գիտակցութենէն մեկնելով զիջին այն նիւթական խնայողութիւնը, որ պիտի ապահովէին օտարը աշխատցնելով»:
 
Վեհափառ Հայրապետը նորաւարտ համալսարանականներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Վկայական ստանալը ձեր կեանքին մէջ երբե՛ք չըլլայ վերջակէտ, այլ՝ մեկնակէտ մասնակցելու մեր միութենական եւ հասարակական գործունէութեան: Պէտք է միշտ աշակերտ մնաք, որովհետեւ կեանքի բոլոր տեւողութեան մենք սորվելիք ունինք: Կարելի չէ ըսել ես վկայուեցայ համալսարանէն եւ վերջ, ընելիք չունիմ: Մեր վկայականները պէտք չէ ըլլան ինքնանպատակ, այլ պէտք է արժեւորուին մեր մասնակցութեամբը՝ եկեղեցական, ազգային, մշակութային բնագաւառներուն մէջ տարուելիք բոլոր աշխատանքներուն»:
 
Հանդիսութեան աւարտին, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ Վեհափառ Հայրապետէն ստացաւ յուշանուէր մը։
 
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան Կայել Գրիգորեան եւ Կարօ Քէլէշեան: