ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած հայագիտական նիւթերու դասընթացքի Դ. տարեշրջանը (2015-16) իր աւարտին հասաւ Յունիսի 15-ին։ Երկու օր անց, Յունիսի 17-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայիայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց դասընթացքին հետեւած ուսանողները, որոնց թիւը այս տարեշրջանին հասած էր 31-ի։ Այս դասընթացքը, որ սկիզբ առած էր…