Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն
Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային Վարչութեան` շեշտելով, որ լիբանանահայ գաղութը առանցքային դեր ու նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար եւ անոր կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը կարեւոր առաջնահերթութիւններ են նաեւ իրեն համար: Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ հակառակ շրջանին մէջ տիրող ապահովական անկայուն կացութեան, Լիբանան կը պահէ համեմատական խաղաղութիւն եւ այս ծիրին մէջ գաղութը խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր կեանքը` կրօնական, կուսակցական եւ միութենական տարբեր մարզերու մէջ: Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան վերահաստատումով անպայման որ Միջին Արեւելքի գաղութները եւ յատկապէս Հալէպը պիտի վերստանձնեն իրենց վիճակուած դերակատարութիւնները հայ իրականութեան մէջ: Հետեւաբար Արամ Ա. Կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց միջինարեւելեան գաղութներուն մէջ ժողովուրդին մօտ կամքի եւ ապագայի նկատմամբ յոյսի պահպանումը եւ արմատացումը:
Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ անդրադարձաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի աշխատանքներու ընդհանուր հոլովոյթին` գնահատելով այս ծիրին մէջ բոլորին աշխատանքը: Ան յիշեցուց, որ լիբանանահայութիւնը պարտի յատուկ գուրգուրանքով եւ նախանձախնդրութեամբ դիմաւորել կրթական այս օճախի բացման եւ գործունէութեան տարբեր հանգրուանները, որպէսզի այլ կրթական հաստատութիւններու կողքին, նորակառոյց այս կրթական հաստատութիւնը իր արժանաւոր տեղը գրաւէ նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութեան խիստ կենսական առաքելութեան եւ գաղութի կենսունակութեան երաշխաւորման երթին մէջ:
Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով նորընտիր Ազգային Վարչութեան հիմնական ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, կարեւորութեամբ հաստատեց, որ Ազգային Միացեալ Վարժարանի ծրագիրի յաջող աւարտը կը հանդիսանայ Ազգային Վարչութեան այս հանգրուանին ունեցած առաջնահերթութիւններուն կարեւորագոյնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մի՛շտ ալ զօրավիգ է Լիբանանի Հայոց Թեմի աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսքը փոխանցեց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանին, որպէսզի ներկայացնէ Ազգային Վարչութեան այս երկամեակի ծրագիրները եւ առաջնահերթութիւնները:
Հաւաթեան ներկայացուց Ազգային Վարչութեան գործունէութեան հիմնական առանցքները, ինչպէս նաեւ այս իմաստով գաղութին եւ Ազգային Առաջնորդարանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնց գծով ան հաւաստիացուց, որ Ազգային Վարչութիւնը պիտի փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել գաղութային կեանքին մէջ յաւելեալ յառաջխաղացք ապահովելու առաջադրութեամբ: Ան մանրամասնօրէն բացատրեց նաեւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի գործունէութեան սկզբնաւորման ընդհանուր ուղեցոյցը եւ ներկայացուց 2017-2018 կրթական տարեշրջանի բացման վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ: Ասոր զուգահեռ, Հաւաթեան անդրադարձաւ Վարչութեան տնտեսական օրակարգին` յայտնելով, որ այս երկամեակին տնտեսական ծրագիրները, ազգապատկան կալուածներու յանձանձումը, ինչպէս նաեւ հասութաբեր ձեռնարկներու ծրագիրներու մշակումը յատուկ կարեւորութեան պիտի արժանանան Ազգային Վարչութեան գործունէութեան մէջ, եւ այս ծիրին մէջ արդէն Վարչութիւնը իր կազմէն յատուկ կորիզ մը նշանակած է, որպէսզի աշխատանքներու եւ ծրագիրներու հետապնդումը կարելի ըլլայ իրականացնել ամէնօրեայ արդիւնաւէտ հետեւողականութեամբ: Ան հաստատեց նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ Վարչութիւնը յատուկ ծրագիրներով պիտի փորձէ Ազգային Առաջնորդարան-ժողովուրդ, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-երիտասարդութիւն կապերու ամրապնդման գծով յատուկ աշխատանք տանիլ: Այս ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով Թեմին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծաւալած կրօնական դաստիարակութեան աշխատանքները, յոյս յայտնեց, որ ի մօտոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութենէն կարգ մը անդամներ եւս Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ստանձնեն կրօնական եւ բարոյական արժէքներու տարածման ու խորացման որոշ աշխատանքներ:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն միջեւ քննարկումներու աւարտին, ներկայացուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի, Լիբանանի Հայոց Թեմ այցելութեան եւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեանց հետ առնչուած յայտագիրներու ժամանակացոյցը, որ պիտի երկարի 20-27 Նոյեմբեր 2016:
Հանդիպման աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալը իր հայրական օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութիւններով անգամ մը եւս հաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանանի Ազգային Իշխանութեանց աշխատանքներուն: