Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքէրքէյի Մարոնիթներու Պատրիարքարանին մէջ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։
Արտաքին Գործոց Նախարարը խօսք առնելով շեշտեց Ֆրանսայի ամուր կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ։ Ան յայտնեց, որ ֆրանսան կարելին կը կատարէ նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու համար, նաեւ օգտագործելով շրջանի կարգ մը երկիրներուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները։ Նախարարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանէն ներս ապահովական հարց գոյութիւն չունի եւ Լիբանանը կրցած է հեռու մնալ շրջանը յուզող տագնապներէն։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու աւելի ազդու մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին։
Նախարարին կ’ընկերանային Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Միջին Արեւելքի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի Դեսպանը։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, առաջին հերթին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մարոնիթներու Ռաի Պատրիարքը՝ շեշտելով Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ կապերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ներս նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը։ Ապա, ընդառաջելով Պատրիարքին առաջարկին, խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի ներածական բաժինին մէջ անդրադառնալով Լիբանանի միութեան, ամբողջականութեան ու անկախութեան նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած ամուր կապուածութեան, յիշեց Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը եւ ըսաւ, թէ Լիբանան ո՛չ միայն ֆրանքոֆոն երկիրներու մաս կը կազմէ, այլ նաեւ մարդկային, մշակութային ու քաղաքական հասարակաց արժէքներ կը բաժնէ Ֆրանսայի հետ։ Հետեւաբար, Ֆրանսան Լիբանանի մեծ բարեկամը ըլլալով սպասելի է որ իր գործնական զօրակցութիւնը շարունակէ Լիբանանին նկատմամբ։
Այս ընդհանուր ներածականէն ետք, Նորին Սրբութիւնը գլխաւոր երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր մտածումներն ու առաջարկները.-
1) Միջին Արեւելքին նկատմամբ Ֆրանսայի դերը սպասելի է, որ ըլլայ աւելի ազդու եւ անմիջական։ Այսպէս ըլլալու պատճառներ կան։ Արդարեւ, Ֆրանսայի պատմական կապը Միջին Արեւելքի հետ, իր ունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ, անոնց ունեցած յատուկ յարգանքը եւ վստահութիւնը Ֆրանսայի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շրջանի տագնապներու գծով Ֆրանսայի ցուցաբերած հաւասարակշռուած մօտեցումները վստահութիւն ու կարելիութիւն կը ստեղծեն Ֆրանսայի համար աւելի լայն ու ազդու դերակատարութիւն ունենալու Միջին Արեւելքէն ներս։
2) Միջին Արեւելքը պատմականօրէն եղած է քրիստոնէութեան կեդրոնը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ պատմութեան ընթացքին նուազած է թիւը քրիստոնէութեան, սակայն շրջանէն ներս կը գտնուին քրիստոնէական կարեւոր կեդրոնները, պատմական եկեղեցիներ եւ կարեւոր թիւով քրիստոնեայ համայնքներ։ Սակայն այսօր, շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Արդարեւ, տնտեսական տագնապը, անապահով կացութիւնը, ահաբեկչութիւնը եւ արտագաղթը սկսած են լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Այս կացութիւնը միայն քրիստոնէութեան մտահոգութիւնը չէ, ան նաեւ պէտք է դառնայ արաբական աշխարհի եւ Եւրոպայի մտահոգութիւնը։ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնէութեան ներկայութեան շատ բան պիտի կորսնցնէ իր որակէն, մշակութային արժէքներէն եւ տնտեսական հզօրութենէն. եւ աւելին, դարերու ընթացքին արմատացած քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան բացակայութիւնը շրջանը պիտի վերածէ ծայրայեղականութեան կեդրոնի. մտահոգիչ երեւոյթ մը, որուն գործնական արտայայտութիւնը արդէն իսկ կ’ապրինք, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն ներս, այլ նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ։ Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ Ֆրանսան իր արտաքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս յաճախակի յիշեցումներ կատարէ արաբական եւ արեւմտեան պատասխանատուներուն յիշեալ վտանգի հետեւանքներուն մասին։
3) Ապա, իր երրորդ կէտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսքը կեդրոնացնելով Լիբանանին վրայ՝ ըսաւ. «Երկու գլխաւոր հարցեր կը դիմագրաւէ Լիբանանը այսօր. նախագահական ընտրութիւն եւ ապահովութիւն։ Որոշ շրջանակներ ապահովութիւնը կը նկատեն առաջնահերթ եւ նախագահական ընտրութիւնը՝ երկրորդական։ Նման մօտեցում սխալ է ու վտանգաւոր։ Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել։ Կարելի չէ նաեւ մէկը միւսով պայմանաւորել։ Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել երկիր մը առանց նախագահի։ Հետեւաբար, ես ճիշդ չեմ նկատեր նախագահական ընտրութեան ձգձգումը տեսակ-տեսակ արգելքներու ստեղծումով։ Արդարեւ, նախագահի բացակայութիւնը երկրէն ներս կրնայ պետութեան օրինականութիւնը վտանգել, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հարցականի տակ դնել, քրիստոնէական ներկայութիւնը տկարացնել եւ նոյնիսկ Լիբանանի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնել»։ Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց. «Գաղտնիք չէ այլեւս, որ նախագահի ընտրութեան առնչուած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ տարբեր մօտեցումներ գոյութիւն ունին եւ տարբեր տեղական եւ շրջանային շահեր կը հետապնդուին։ Դժբախտաբար, արտաքին ոյժերը աւելի անմիջական ու ազդու դերակատարութիւն ունին նախագահական ընտրութեան գծով քան թէ՝ ներքին։ Մեր սպասումն է, որ Լիբանանին հետ կապ ունեցող երկիրները օգտակար ըլլան մեր հարցերը լուծելու»։ Այս կէտին անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղակիօրէն նախարարին ուղղելով՝ ըսաւ. «Ճիշդ է, համաձայն ենք, որ լիբանանցիներու միջեւ անհրաժեշտ է ներքին համաձայնութիւն մը որպէս նախապայման նախագահի ընտրութեան՝ ինչպէս դուք կ’առաջարկէք, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ, որ մեզի բարեկամ նկատուող երկիրները օգնեն մեր քաղաքական պատասխանատուներուն ներքին համաձայնութեան ընթացքը դիւրացնելու։ Նախագահի ընրութիւնը միայն քրիստոնեաներուն հարցը չէ, միայն Լիբանանին հարցը չէ, այլ նաեւ արաբական աշխարհին ու ամբողջ շրջանին։ Լիբանանի նախագահը միայն Լիբանանի քրիստոնեաները չի ներկայացներ, այլ ան խորհրդանիշ է Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան։ Լիբանանը կրօնական ու մշակութային զանազանութեան երկիր է։ Հո՛ս է Լիբանանին ինքնութիւնն ու հարստութիւնը։ Պէտք է պահել զայն։ Ահա հոս կը կայանայ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը։ Սպասելի է, որ Ֆրանսան Լիբանանի հարցերով շահագրգռուող շրջանի երկիրներուն հետ աւելի ազդու կերպով շարունակէ իր յարաբերութիւնը, շուտափոյթ նախագահական ընտրութեան ի խնդիր»։
Ճաշի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ աւելի մտերմիկ կերպով վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ զրուցելու Արտաքին Գործոց Նախարարին հետ։ Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանսային, Ցեղասպանութեան գծով ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր ունեցած բարեկամութեան համար։