4 Հոկտեմբերի, 2016

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՊԱՒԷՆ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԵՐ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ Ս. Պատարագին մասնակիցները հայրապետական օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով:

 

            Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան առընթերակայ էին Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին հայկական քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներ, Ղըպտի համայնքի առաջնորդ Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Հայր Անթընի Աթալլա, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխ հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան եւ խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, հայկական կազմակերպութեանց, միութեանց ու ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

 

            Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թեմի եկեղեցիներու դպրաց դասի անդամներէն եւ մեներգողներէն կազմուած երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ Քիրազեանի։

 

            Հայրապետական պատգամէն առաջ, Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է մասնակից ըլլալու Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20-ամեակի տօնակատարութեան: Ան յիշեցուց, որ նախորդ երեկոյ, 20-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան պահուն, Վեհափառ Հայրապետը շեշտած էր թէ նման տօնախմբութիւններ առիթ են վերանորոգելու նուիրեալ ծառայութեան մեր ուխտը, ողջունեց հոգեւոր եւ պաշտօնական հիւրերն ու ներկայացուցչական դէմքերը եւ ներկայ հաւատացեալները, ապա հրաւիրեց Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ արտասանէ իր ողջոյնի խօսքը: Ան յիշատակներով վերադարձաւ այն օրերուն, երբ ուսանող էր Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, եղած է Վեհափառ Հայրապետէն ցուցմունք ու խորհուրդ ստացողներուն շարքին, եւ անձնական վկայութեամբ վեր առաւ Նորին Ս. Օծութեան ջանասիրութիւնն ու ծառայութիւնը: Ան հաստատեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան անցեալ 20 տարիները արժեւորուած են ժողովրդանուէր ծառայութեամբ, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ քաջառողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի ան շարունակէ մեր ժողվուրդը ոգեւորել իբրեւ «Հաւատքի Առաքեալ» ու անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը:

 

            Նորին Ս. Օծութիւնը հրաւիրելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ անսան Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական Սփիւռքին միջեւ միասնութիւնը ամրապնդելու Վեհափառ Հայրապետի կոչին, ծառայութեանց մէջ առաջնորդուին հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:

 

            Վեհափառ Հայարպետը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ըլլալու մեր Թեմի ժողովուրդին հետ, ականատես ըլլալու եկեղեցւոյ ու մեր հաւատքին նկատմամբ հաւատացեալներու հաւատարմութեան: Ան իբրեւ բնաբան ընտրած էր Կորնթացիներուն ուղղուած Բ. Նամակի 13-րդ գլուխէն. «Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս Իր անունը կը կրէք»: Ան յիշեցուց, որ Պօղոս Առաքեալը այս էական հարցումով դարեր առաջ դիմած էր կորնթացիներուն, իսկ այդ հարցումը այսօր այժմէական է եւ ուղղուած՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին: «Քրիստոնեայ ըլլալ, քրիստոնէական հաւատք ունենալ՝ կը նշանակէ հաւատալ միայն մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, Զինք մշտական ներկայութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ, վերածել կեանքի նպատակի, վկայել Զինք», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ շարունակեց. «Մեր Տէրը մշտական ներկայութիւն եղած է մեր պատմութեան, մեր սրբազան հայրերու կեանքին մէջ: Անոր շնորհիւ մենք յաղթահարած ենք բազում փոթորիկներ, լուսաւորուած ենք ու զօրացած, Անոր ընդմէջէն՝ մահէն անցած ենք կեանքի: Մեր սրբազան հայրերը Քրիստոսը ունեցած են իբրեւ կեանքի առանցք, իբրեւ ուղեցոյց, ուժի ապաւէն եւ յոյսի աղբիւր: Անոնք իրենց արիւնով վկայագրեցին այս ուղին: Մենք պէտք է հետեւինք անոնց օրինակին: Հայաստանն ու Արցախը պաշարուած են թշնամիներով: Սփիւռքի մէջ, մենք շրջապատուած ենք այլ տեսակի թշնամիներով: Հետեւաբար, Քրիստոսը պէտք է պահենք մեր կեանքի ճանապարհին մէջ, թէ՛ մեր անձնական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ, վերանորոգուինք մեր հաւատքին մէջ ու միայն Քրիստոսի հետ քալենք, որովհետեւ այս է մեր վերապրումի եւ գոյատեւման բանալին»:

 

            Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները մօտեցան Նորին Սրբութեան եւ աջահամբոյրով ստացան հայրապետական օրհնութիւն: Իբրեւ յիշատակ այս պատմական օրէն, անոնք նաեւ նուէր ստացան օրհնուած խաչեր:

 

          Այնուհետեւ, Վեհափառ Հայարպետն ու հոգեւորականաց թափօրը դպրաց դասին երգեցողութեամբ դուրս եկաւ եկեղեցիէն, ուր հաւատացեալներու ծափողջոյններուն տակ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ, աւարտին հասցնելով պատմական արարողութիւնը:

More News