Անցնող շաբաթավերջին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճէն ներս, ընդունեց Քուէյթի Թեմի եւ շրջակայ երկիրներու Հայոց Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանը եւ Ազգային Առաջնորդարանն ու շրջանէն ներս գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։
Պատուիրակութիւնը զեկոյց տուաւ շրջանէն ներս տարուած ազգային-եկեղեցական գործունէութեանց մասին եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ նոր եկեղեցւոյ ու Ազգային Առաջնորդարանի կառուցման գործընթացին։ Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած աշխատանքներուն եւ յատկապէս եկեղեցաշինութեան համար։ Ան կազմակերպ եւ միասնական ծրագիրներու մշակումը նախապայման նկատեց ազգային կեանքէն ներս աւելի արդիւնաւէտ իրագործումներու եւ յաջողութեան։