4 June, 2016

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ»   Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 
 
Վստահաբար մեր ժողովուրդի զաւակները կը հետեւին, յատկապէս վերջին օրերուն, ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի հայաբնակ շրջաններէն ներս տեղի ունեցող ահաւոր ռմբակոծումներուն, որոնց հետեւանքով կան հայ զոհեր ու վիրաւորներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետաքրքրուիլ Սուրիոյ անցուդարձերով, մասնաւորաբար մեր համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ Սուրիոյ հայութեան համար իր հաստատած հիմնադրամի ճամբով առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
 
Անցնող քանի մը օրերուն Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային մնայուն կապի մէջ եղաւ Առաջնորդ Շահան Սրբազանին հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ Հալէպէն ներս տիրող ապահովական կացութեան, ուրախութեամբ հաստատելով, որ հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, Հալէպի հայութիւնը կը շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հաստատեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւ համայնքային պատասխանատուները մնայուն ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։
 
Յայտնենք, թէ որոշ չափով Հալէպի հայութեան թիւը նուազած է, սակայն կարեւոր թիւով հայեր իրենց բնակութիւնը հաստատած են Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Քեսապի եւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ։ Ազգային Իշխանութիւնը աշխատանքի լծուած է յիշեալ շրջաններէն ներս եւ կը հետեւի ազգային-եկեղեցական կեանքին առաւել կազմակերպման։
 
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդի զաւակներուն կ’ուզէ յիշեցնել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ «Ճիշդ է, որ մեր ազգային կեանքէն ներս ունինք այլ առաջնահերթութիւններ, սակայն Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակել զօրակցիլ Սուրիոյ հայութեան» կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։
 

More News