Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷՏՈՒԱՐՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթընի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Հանդիպումին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
 
 
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի միջազգային յարաբերութեանց եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ առնչուած կարգ մը հարցեր։ Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Նախարար Նալպանտեանի ճաշի հիւրը եղաւ։