ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ՝ ԲԱՆԱԼԻՆ «ՓԱԿԵԱԼ ԴՐԱՆ»

 

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին ամէնէն շեշտուած ու ամէնէն հմայիչ տօներէն մէկուն սեմին, երբ մեր օրացոյցները կը թերթենք հասնելու Օգոստոս ամսուան մարեմաբոյր էջերուն, յանգելով Քրիստոսի անարատ մօր՝ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին, մեր աչքերը կը յառենք դէպի Պիքֆայայի կանաչազարդուած ու վերափոխող բարձունքը: Այնտեղ, իր բարձրութեան վրայ բոլոր հաւատացեալներուս վրայ հսկող Աստուածամայրը, Օգոստոս ամսուան տօթակէզ օրերուն սրտի ու մտքի զովութիւն կու տայ ժողովուրդի բոլոր ուխտաւոր զաւակներուն:

Հայ Եկեղեցին հարուստ է իր արարողութիւններով ու աւանդութիւններով: Հազարամեակներու հնութիւն ունեցող աւանդութիւններ մինչեւ օրս փոխանցուած ըլլալով, սերունդներ ու դարեր ետք մենք անոնց հնութեան ընդմէջէն հարազատութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը կը վայելենք: Այս տիպի աւանդներ կարելի է մէկտեղուած տեսնել միտքը հանգչեցնող, հոգին խաղաղեցնող ու ականջի մէջ քաղցրահամբոյր աւետիսի մը նման հնչող շարականներու մէջ: Շարականները լոկ երաժշտական տողերու հաւաքածոներ չեն, ոչ ալ իւրաքանչիւր տօնի առիթով յիշեալ սուրբերու ձօնուած տաղեր սոսկ, այլ անոնք կը պարփակեն եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան կարեւոր մէկ բաժինը եւ անշուշտ դէմքերու ու դէպքերու մասին աւանդական ճշմարտութիւններ կը պատմեն:

Աստուածածնայ տօնը տասնամեակներ շարունակ հաւատացեալները անքակտելի սիրոյ պարանով մը շաղկապած է մեր հաւատացեալները Պիքֆայայի վանքի աւանդական տօնակատարութեան: Հոգեւոր լսարաններու ճամբով, պաշտամունքներու ընդմէջէն, ծիսակատարութիւններով եւ Ս. Պատարագներով Աստուածածնայ վանքէն դէպի Աստուածամայրը նետուած այս կամուրջը տարուէ տարի կ’ամրապնդուի ու կը զօրանայ հաւատացեալին հաւատարմութեամբ Աստուածամօր եւ Աստուածածին վանքին հանդէպ: Օգոստոս ամիսը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ Աստուածածնայ ամիս հռչակուած ըլլալով, Աստուածամօր հովանին վայելող ու Անոր կուսական գիրկը նկատուող Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը իր դարպասները կը բանայ հաւատացեալին առջեւ, որպէսզի ան մօտեայ Աստուածամօր, տեսնէ Ս. Կոյսը եւ բարձրանայ Անոր: Թէեւ Լիբանանի մէջ չեն պակսիր սրբավայրերը եւ ուխտատեղիները, ուր սովոր են հաւատացեալներ այցելել եւ աղօթել, սակայն այլեւս Հայ Եկեղեցին եւս իր ուխտատեղին տրամադրելի դարձուցած է Հայ եւ օտար հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք նաեւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպեն դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, օրհնութիւններ ստանան աստուածասլաց այս վանքէն եւ իրենց ուխտերը ընծայեն Աստուածամօր:

Աստուածամօր մասին գրուած բազմաթիւ շարականներուն ընդմէջէն զանազան հեղինակներ հոգեզմայլ մեկնաբանութիւններ կատարած են եւ նմանութիւններով հաւատացեալին հոգիին մէջ փորձած են գծագրել Ս. Կոյսը ու զայն վերապրեցնել երաժշտութեան ու պատկերաւոր ոճերուն ընդմէջէն: Ահա թէ ինչպէս, Աստուածամօր կուսութիւնը հերքող ու այլադաւաւան աղանդներու դէմ, Հայ Եկեղեցին զօրաւոր հիմերու վրայ մնալով կարողացաւ պաշտպանել Աստուածամօր անխախտ կուսութեան ըմբռնումը եւ իր շարականներուն մէջ զայն նոյնիսկ կոչեց «փակեալ դուռ», նմանողութեամբը դրախտի փակեալ դրան: Արդ, Ս. Կոյսի «փակեալ դուռ» մը ըլլալուն մտահոգութիւնը չէ որ հաւատացեալը կը մղէ դէպի վանք, այլ մտքի ու սրտի հանգստութիւնը՝ թէ Ս. Աստուածածին վանքը բանալին է ըմբոշխնելու Աստուածամօր ներկայութիւնը: Բանալիի դերակատարութեամբ հանդէս եկող Ս. Աստուածածին վանքը իր հոգեւոր առօրեայով ու մանաւանդ տօնական օրերուն հաւատացեալները կը համախմբէ, որպէսզի զանոնք մտքով վերացնէ վերափոխեալ Ս. Կոյսի քղանցքներուն, այնտեղ աղերսելու Ս. Կոյսէն բարեխօսութիւնը իր Միածնին մօտ:

Մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեան ըսած է «Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի, դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի», սակայն իրականութիւնը կարելի է փոխուած համարել: Թէկուզ ճամբուն գաղտնի ըլլալը աւելի խորհրդաւորութիւն մը կը ստեղծէ եւ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ, սակայն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, իր Ս. Աստուածածին մատուռով, Ս. Աստուածածնի գեղեցիկ խորանի քանդակով ու իր ամբողջ համալիրով, «մէն մի քարին տակ վանքի, դէպի երկինք բարձրացող ՅԱՅՏՆԻ ճամբայ մը ունի» այլեւս բոլոր հաւատացեալներուն դիմաց բացուած: Ս. Աստուածածին վանքը անցեալին էր ու կը շարունակէ մնալ հաւատացեալներու ուխտատեղի, այցելուներու աղօթատեղի եւ Աստուածամօր ներկայութիւնը վայելելու սրբավայր: Իր նոր կառոյցներով ու վերանորոգուած համալիրով Ս. Աստուածածին վանքը աւելի քան երբեք իր դռները կը բանայ բազմահազար հաւատացեալներու դիմաց, զանոնք կանչելու այս յայտնի ճամբուն մուտքը, որպէսզի հոն՝ Պիքֆայա բարձրանան ու անկէ՝ դէպի Աստուածամայրը: Ծնկաչոք իւրաքանչիւր քայլ հոգեկան ոստում մըն է այս ճամբուն վրայ, որմէ ընթացողը հոգեկան հրճուալից մթնոլորտի մը մէջ կը շարունակէ ապրիլ Աստուածամօր հետ իր մտերմութեան մէջ:

Ուխտագնացութեամբ, ուխտի ընծաներով, խունկով, մոմով ու աղօթքով հաւատացեալներ հրաւիրուած են Ս. Աստուածածին Մարիամ կոյսին ներկայանալու, փնտռելու Աստուածամայրը Վանքին մէջ, գտնելու Աստուածամայրը իւրաքանչիւր քայլափոխին ու քալելու այն ակնյայտ ու այլեւս ոչ գաղտնի ճամբէն, որ կ’առաջնորդէ դէպի բարձրը, Լոյսը, հոգեղէնը, աստուածայինը, երկնայինը, Աստուածամայրը…:

Պօղոս Վրդ. Թինքճեան