Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները:
Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը, որուն նպատակն է վերատիրանալ Սիսի պատմական Կաթողիոսարանին: Հայ իրաւաբանները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու այս դատին: Ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց այն աշխատանքներուն մասին, որոնք յառաջ կը տարուին Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան Հայկական Յանձնախումբին եւ Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցում պահանջող յանձնախումբին հետ գործակցաբար: Հրաժեշտէն առաջ, անոնք հայկական թռչնագիրով պատրաստուած ներբողական մը նուիրեցին Վեհափառ Հայրապետին։ Ն. Ս. Օծութիւնը օրհնեց մեր ազգին մասնագիտական ծառայութիւն մատուցող այս ընկերակցութիւնը եւ ներկայացուցիչներուն յանձնեց խաչ-յուշանուէրներ:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինի (SARF) վարչութեան: Շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեանց արտայայտութիւններէ ետք, ներկայացուցիչները Նորին Ս. Օծութեան հետ խորհրդակցեցան Սուրիոյ իրադարձութեանց ու հայ համայնքին վրայ անոր անդրադարձին շուրջ: Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ մը առաջ, Հալէպի հայկական կարգ մը շրջաններու ռմբակոծումը բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած էր: Քննարկուեցան Ս. Աթոռոյս կողմէ փոխանցուող օժանդակութիւնները, որոնց մասնակից է նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան գաղութը՝ միացեալ մարմինին ճամբով: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց SARF-ի վարչութիւնը, իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր սուրիահայութեան ցուցաբերած զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար։
Առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունած էր նաեւ այցելութիւնը Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան անդամներու, որոնք շնորհաւորեցին Նորին Սրբութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեցին մանաւանդ այն հոգածութեան համար, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս ցուցաբերեց Քեսապի նկատմամբ, ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ անոր գրաւման հանգրուանին ու ազատարգրումէն ետք։
Հանդիպումներուն ներկայ եղան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հարցազրոյց մը շնորհեց պատկերասփիւռի ABC ընկերութեան թղթակիցին, որուն մէկ բաժինը սփռուեցաւ նոյն օրը: