Կիրակի 19 Յունիս 2016-ին, Կրետէ կղզիին վրայ տեղի պիտի ունենայ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց ժողովը, որ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքին համար պատմական դէպք մըն է։ Այս ժողովը Արեւելեան Ուղղափառներուն համար Նիկիոյ Բ. Ժողովէն (787 թ.) ի վեր գումարուած ժողովներուն կարեւորագոյնը կը նկատուի։ Ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ 55 տարի։ Ժողովի գումարման որոշումը թէեւ հանդիպեցաւ բազմաթիւ խոչընդոտներու, սակայն Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները արդէն սկսած են ժամանել Կրետէ։
Ժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուին հետեւեալ հարցերը՝ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր, Ուղղափառ Սփիւռքը, եկեղեցւոյ ինքնավարութեան ու ծէսին առնչուած հարցեր եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը եկեղեցական տարբեր ընտանիքներուն հետ։
Հայ Եկեղեցին (ինչպէս Ղպտի, Ասորի, Հնդիկ, Հապէշ եւ Էրիթրիոյ Ուղղափառ եկեղեցիները) թէեւ մաս չի կազմեր Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ընտանիքին, հրաւիրուած է իբր դիտորդ մասնակցելու այս պատմական դէպքին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ժողովին պիտի մասնակցի Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։