ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի 20 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Էմանուէլ Պոնը, ներկայ էր նաեւ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն։
  
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահի ընտութեան, ապահովութեան, Սուրիոյ կացութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցերը։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս դատապարտեց, 14 Յուլիս 2016-ի, Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան ութսուն անմեղ քաղաքացիներ։
 
Նորին Սրբութեան եւ ֆրանսացի դիւանագէտին միջեւ տեսակցութեան ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ֆրանսայի որդեգրած կեցուածքին եւ ընդհանրապէս հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներու յարաբերութեան հետ կապուած շարք մը հարցերու։
 
Աւարտին, Դեսպան Պոէն առաջարկեց, որ նման հանդիպումները ըլլան յաճախակի՝ խորհրդակցելու շրջանը յուզող խնդիրներուն մասին։ Հանդիպումէն ետք Դեսպանը այցելեց Պիքֆայայի յուշարձանը եւ իր յարգանքը արտայայտեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։