Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Ն.Ս. Թաւատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան։ Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջ-եկեղեցական եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, քրիստոնեաներու արտագաղթը եւ շրջանէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները։
Հոգեւոր պետերու առանձնակի հանդիպումէն ետք, անոնց միացան Խորհուրդի համաժողովին մասնակցող երեք եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետն ու պատրիարքները մանրամասնօրէն տեղեակ պահուեցան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Արեւելեան Ուղղափառ, Կաթոլիկ ու Անկլիգան եկեղեցական ընտանիքներու միջեւ տեղի ունեցող պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութիւններու ընթացքին մասին։ Հոգեւոր պետերը շեշտեցին աստուածաբանական երկխօսութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը եւ միջ-եկեղեցական ժողովներու ընթացքին աստուածաբանական հարցերու շուրջ մեր ընտանիքի միակամ կեցուածքը արտայայտելու անհրաժեշտութիւնը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք մանրամասնօրէն խօսեցան Սուրիոյ հայ եւ ասորի համայնքներուն դիմակալած նեղութիւններուն մասին։ Անոնք շեշտեցին, որ մեր համայնքները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ միւս համայնքները, կը փորձեն յաղթահարել ստեղծուած ամէն տեսակի տնտեսական ու ապահովական դժուարութիւնները եւ հաստատեցին, որ այս պայմաններուն տակ մեր եկեղեցիները առաւելագոյն չափով մեր զաւակներու կողքին են։
Երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմուած հոգեւոր պետերու հանդիպումներուն Գործադիր Յանձնախումբը ժողով մը պիտի գումարէ, որպէսզի պատրաստէ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպումին օրակարգը, որուն կարեւոր վերնագիրները ճշդուեցան հոգեւոր պետերուն կողմէ։ Շուրջ քսան տարիներ առաջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ սկսած Միջին Արեւելքի Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովը կանոնաւոր կերպով կը գումարուի։ Սոյն հանդիպումին նպատակն է շրջանէն ներս կանոնաւորել ու ամուր հիմերու վրայ պահել Հայ, Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւնները։