21 June, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

 
 
 Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 22-28, 2016-ին Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան։ Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունի Խորհուրդին վերջին տարուան գործունէութեան քննարկումը, Խորհուրդի ծրագիրներուն արժեւորումը, Խորհուրդ-եկեղեցի յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, միջազգային հարցերու գծով Խորհուրդին որդեգրած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շրջանին առնչուած առաջնահերթութիւններ։
 
Կեդրոնական Վարչութեան հանդիպումէն անմիջապէս առաջ Խորհուրդին Գործադիր Վարչութիւնը միօրեայ հանդիպում մը պիտի ունենայ, որուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի պատրաստութիւնը։ Գործադիր Վարչութեան հանդիպումին պիտի մասնակցի Տիկին Թենի Սիմոնեան, փոխարինելով Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը։
 

More News