«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՃՈՂ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹ Է»
Քաջալերական այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ամէն Երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանին։ Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ …