Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով։
Այս ծիրէն ներս, դարձեալ Ժընեւի մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին ճամբով իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը վերջին ութը տարիներուն Մ.Ա.Ե.Խ.-ի նախագահներէն մին է։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպում ունեցաւ զուիցերիական մարդասիրական «Արմենոֆաս» Հիմնադրամի Նախագահ Տիկ. Թենի Սիմոնեանի հետ եւ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը։
Նշենք, որ նախքան Ժընեւ մեկնիլը, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի «Հայաստան» Հիմնադրամի Նախագահ Տիար Պետրոս Թերզեանին հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց, որ յիշեալ Հիմնադրամը անցնող տարիներուն օժանդակած է Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն, միաժամանակ շեշտեց օժանդակութիւնները շարունակելու հրամայականը։