ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԱՐՑԱԽԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով արտասանած պատգամին Հայաստանի վերջին դէպքերուն առնչուած բաժինը։ Հայրապետական սոյն պատգամը խօսուեցաւ, 13 Օգոստոս 2016-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը ողողած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան։

 

 

Խոր ցաւով ու ընդվզումով հետեւեցանք Հայաստանի վերջին դէպքերուն։ Նկատի ունենալով, որ յիշեալ դէպքերէն ետք սա առաջին առիթն է մեր ժողովուրդին իմ պատգամս ուղղելու, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ ներկայ պատգամս արբանեակային սփռումով կը հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, պիտի ուզէի կարգ մը մտահոգութիւններ բաժնել ձեզի հետ, ինչպէս նաեւ կարգ մը յիշեցումներ կատարել.-

 

            Առաջին հերթին, կ’ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել թէ՝ Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերուն գծով Սփիւռքը լսողի, դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակի մէջ չի կրնար ըլլալ։ Ո՛չ։ Սփիւռքը ընելի՛ք եւ ըսելի՛ք ունի։ Իր անկախութեան 25-ամեակի սեմին, Հայաստանը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Պէտք է ըլլալ խոհեմ, իրապաշտ եւ արթուն՝ հեռու մնալով ամէն բան անցած նկատելու եւ վարդագոյն տեսնելու զգացական ու ոչ իրատես մօտեցումներէ։

 

            Զգո՜յշ… եթէ փտածութիւնը դառնայ բնական երեւոյթ, ժողովրդային ընդվզումը ծաւալի եւ արտագաղթը շարունակուի նոյն թափով, Հայաստանի պետականութեան հիմքերը կրնան խախտիլ։

 

            Զգո՜յշ… եթէ մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը, որ առանցքն է ու երաշխիքը մեր ազգին ու հայրենիքին հզօրութեան, տկարանայ, ժողովուրդ-իշխանութիւն փոխադարձ վստահութիւնը նահանջ արձանագրէ, Հայաստանը կրնայ առաջնորդուիլ աննախատեսելի ու անյաղթահարելի տագնապներու։

 

            Արդ, հասած է պահը ինքնաքննութեան՝ անկեղծ եւ իրապաշտ մօտեցումով. հասած է պահը մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ։

 

            Իրաւունք չունի՛նք ժողովուրդը աղքատութեան տիղմին մէջ խրած պահելու։ Տնտեսական տագնապը կը դառնայ աղբիւր ամէն տեսակ չարիքի։

 

            Իրաւունք չունի՛նք Հայաստանը անիշխանութեան ալիքներուն մէջ տատանող երկրի մը վերածելու։ Հայաստանը պետութիւն է իր սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով։

Իրաւունք չունի՛նք ծով զոհողութեամբ իր անկախութեան վերատիրացած Արցախին գծով լպրծուն ու երկդիմի մօտեցումներ ունենալու, որոնք կրնան վտանգել Արցախի անկախութիւնը։

 

            Միջին Արեւելքէն ու Կովկասէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները, միջ-պետական շահերու նոր ձեւաւորումները, որոնք, զգո՜յշ…, ի վնաս Հայաստանին ու Արցախին կրնան ըլլալ, պէտք է ճի՛շդ տեսնել ու ճի՛շդ գնահատել եւ համապատասխան մօտեցումներ որդեգրել՝ ի պահանջել հարկին մեր դիւանագիտութեան միախառնելով մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին ու անտեղիտալի կամքը։

 

            Մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ցաւերուն ախտաճանաչումը պէտք է ճի՛շդ ու շո՛ւտ կատարել. եւ փոխանակ սոսկ ախտանշանները հեռացնելու, պէտք է իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունենանք մեր վէրքերը բուժելու եւ մեր ցաւերը դարմանելու՝ հաւաքական ճիգով։

 

            Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ ամէն տեսակ բռնութիւններէ ու բեւեռացումներէ, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները։ Բացարձակօրէն ընդունելի չէ, որ հայու արիւն հոսի Երեւանի մէջ։ Հայու արիւն կրնայ թափիլ միա՛յն Հայաստանի ու Արցախի պատշպանութեան սրբազան ճանապարհին վրայ։

 

            Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ պէտք է մնալ Հայաստան-Սփիւռք, ժողովուրդ-իշխանութիւն բաժանարար մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ։ Մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ հայրենիքով, մէ՛կ անցեալով, ներկայով ու ապագայով։

 

            Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ միայն կրնանք մեր հայրենիքը հզօրացնել։ Հայաստանը, Արցախը, ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր։ Սա սոսկ լոզունգ պէտք չէ դառնայ, այլ՝ իւրաքանչի՛ւր հայու ու ամբո՛ղջ հայութեան կեանքի ուղեգիծը։