ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի հայ համայնքները ուրախութեան ու յուզումի պահեր ապրեցան, երբ դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, 28-29 Յուլիս 2016-ին։ Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմի ստեղծած բոլորին ծանօթ պատճառներով, Սուրիոյ հայ գաղութը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով կո՛չ ուղղեց մեր ժողովուրդին գործնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիոյ հայութեան։ Ընդառաջելով Նորին Սրբութեան կոչերուն հանգանակութիւններ կատարուեցան մեր գաղութներէն ներս եւ մեր Սուրբ Աթոռին ճամբով փոխանցուեցան մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ առանց որեւէ խտրականութեան։ Ազգային Առաջնորդարանը, համագործակցութեամբ քոյր համայնքներուն եւ կազմակերպութիւններուն, օգտակար հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն։ Այս աշխատանքները կը շարունակուին կազմակերպ ու միասնական ոգիով։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայ այցելութիւնը եկաւ ամոքելու Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ բնակող կամ ապաստանած մեր ժողովուրդի զաւակներուն կոտտացող ցաւերը, գօտեպնդելու զիրենք եւ յոյսի նոր հորիզոններ բանալու անոնց առջեւ։
 
 
 
Հինգշաբթի 28 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերացող շքախումբի անդամները՝ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տիարք Արա Տէմիրճեան եւ Ճորճ Շահինեան, ժամանեցին Լիբանան-Սուրիա սահմանը, ուր դիմաւորուեցան Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս նահանգի կուսակալի ներկայացուցիչին, պետական ու զինուորական անձնաւորութիւններու, Ազգային Վարչութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։
 
 
Լաթաքիա
 
 
Նորին Սրբութիւնը պետական ինքնաշարժներու եւ ապահովական ջոկատներու ընկերակցութեամբ առաջնորդուեցաւ Լաթաքիա նահանգը, ուր քաղաքի մուտքին պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Լաթաքիոյ նահանգապետին, կուսակցապետին եւ ոստիկանապետին կողմէ։ Ապա, ուղղուեցաւ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցին, ուր ընդունուեցաւ Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեանին, հոգեւոր հովիւին եւ իրենց Հովուապետին դիմաւորութեան եկած բազմահարիւր հաւատացեալներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքոյ մուտք գործեց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ «Կանոնական» աղօթք։
 
 
Եկեղեցիէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր արտասանած պաշտօնական խօսքին մէջ յիշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մեր արաբ եղբայրները՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, ընդունեցին մեզ եւ Սուրիան կարեւոր դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերականգնումին մէջ։ Մենք մեր ներդրումը ունեցանք Սուրիոյ ծաղկման ու յառաջդիմութեան աշխատանքներուն մէջ եւ փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի տակ ապրեցանք սուրիոյ մեր եղբայրներուն հետ։ Այսօր երբ Սուրիան դժուարութեան մէջ է, առաւել քան երբեք կարիքը ունի իր հաւատարիմ զաւակներու միասնականութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդման։ Մեր ժողովուրդի զաւակները այս գիտակցութենէն մղուած պիտի շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ ժողովուրդին, վստահեցուց Նորին Սրբութիւնը։
 
 
Նահանգապետ Իպրահիմ Խըտըր Ալ Սալըմ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին այս օրհնաբեր այցին համար։ Հալէպի նահանգի նախկին ոստիկանապետի պաշտօնին բերումով մօտէն ճանչցած ըլլալով հայութիւնը, ան դրուատեց հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը, յիշեցնելով թէ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն հայեր առաջիններէն եղան, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին Սուրիոյ ժողովուրդը ահաբեկիչներուն դէմ եւ նոյնիսկ իրենց արիւնը թափեցին։ Մենք տեղեակ ենք պատմութեան այն կարմիր էջերուն, երբ Օսմանեան թուրք պետութիւնը ցեղասպանութիւն գործեց հայ ժողովուրդին դէմ եւ ահա այսօր նոյն այդ արիւնաթաթախ սուլթաններուն յաջորդները կը փորձեն ապակայունացնել Սուրիան եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը, նոյն ծայրայեղական մեթոտներով եւ նենգամիտ քաղաքականութեամբ, ըսաւ նահանգապետը։
 
 
Եկեղեցւոյ պաշտօնական արարողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, պետական հիւրերը եւ ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից «Արարատ» սրահը, ուր Նորին Սրբութիւնը մտերիմ հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ իր հօտին հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ. «Որպէս Սուրիոյ հայութեան Հովուապետ, կը յիշեցնեմ Սուրիոյ հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ մնաց ձեր կողքին ու կը վստահեցնեմ, որ պիտի շարունակէ միշտ մնալ ձեր կողքին ամէ՛ն իմաստով: Մենք յանձնառու ենք Սուրիոյ մեր սիրելի համայնքը առաջնորդել դէպի վերականգնում՝ ձեր մասնակցութեամբ, ձեր հաւաքական սիրով, հաւատքով եւ վճռակամութեամբ»։ Ինչպէս քիչ առաջ եկեղեցւոյ մէջ ըսուեցաւ մենք նահատակներ ունեցանք Հալէպի, Քէսապի եւ այլ շրջաններէն ներս: Ես կ’աղօթեմ մեր նահատակներու հոգիներուն համար: Թող Աստուած իր երկինքի արքայութեան մէջ ընդունէ անոնց հոգիները: Սակայն մեր հաւաքական կեանքը մենք պիտի շարունակենք Սուրիոյ մէջ: Ա՛յս է որ ես կը սպասեմ ձեզմէ եւ այս առիթով իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ առաջին հերթին Սուրիոյ պետական իշխանութեան, որոնց ներկայացուցիչները ամէն շրջաններէն ներս իրենց առաւելագոյնը կատարեցին օգտակար ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնեց Նորին Սրբութիւնը: Աւարտին նահանգապետը յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Նշենք, որ այս հանդիպումի ընթացքին նաեւ ներկայ էին իսլամ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչ կրօնաւորներ։
 
 
Պաշտօնական հիւրերու մեկնումէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ճաշեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ու Լաթաքիոյ գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան առիթ ունեցաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Լաթաքիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ գաղութի պահանջներուն։ Ճաշի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, իբր «քաջ հովիւ» եղաւ իր հօտին հետ։ Սրբազան Հօր կողքին նաեւ Ազգային Իշխանութիւնը եւ ազգային կառոյցները ազգային պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ առաջնորդեցին մեր ժողովուրդը։ Առ ի գնահատանք Սրբազան Հօր տարած աշխատանքին Վեհափառ Հայրապետը պանակէ մը նուիրեց անոր։
 
 
Քէսապ
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբին ընկերակցութեամբ նոյն օրը Լաթաքիայէն մեկնեցաւ Քէսապի հայկական պատմական աւանը։ Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ քահանայ հայրերուն, դպրաց դասուն եւ Հայոց Հայրապետին առինքնող խօսքերուն կարօտ ժողովուրդին կողմէ։ «Կանոնական» աղօթքէն ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու իր պատգամը։ «Ձեր ներկայութիւնը այսօր Քէսապի մէջ, ինքնին հզօր պատգամ մըն է ուղղուած առաջին հերթին այս սահմանէն անդին գտնուող Ցեղասպան Թուրքին, որ կարելի չէ զինուորական միջամտութեամբ, կամ այլ տեսակի սադրանքներով եւ չարամիտ մօտեցումներով քանդել մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, խորտակել մեր ժողովուրդի միասնական հաւատքը եւ ամուր կապուածութիւնը իր գիւղին, իր տան, իր հողին եւ իր իրաւունքներուն» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։ Խօսքը ուղղելով Սուրիոյ հայութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Իմ գնահատանքս բոլորին՝ Քէսապի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Դամասկոսի եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն։ Ես Սուրիոյ հայութեան կը նայիմ որպէս մէկ ամբողջութիւն: Նաեւ իմ գնահատանքս մեր քոյր համայնքներուն՝ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական, մենք նոյն արմատները ունինք, նոյն արժէքներուն կը հաւատանք եւ պահանջատիրական նոյն պայքարին լծուած ենք: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է միշտ իրարու օգտակար ըլլանք։ Ջերմօրէն կ’ողջունեմ այս միասնականութիւնը եւ փափաքս է, որ նոյն այս ոգիով շարունակէք Սուրիոյ հայութեան վրականգնումի աշխատանքները»։ Խօսքը ուղղելով Քէսապի հայութեան ըսաւ. «Սիրելի Քէսապցիներ. մի՛ վախնաք: Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած աշակերտներուն ըսաւ մի՛ վախնաք, այլ միայն հաւատացէք: Ձեր հաւատքին միացնելով ձեր կամքը, ձեր սէրը, ձեր միասնականութիւնը։ Քէսապը պահեցէք, Քէսապը ամրացուցէք, Քէսապը ծաղկեցուցէք: Ա՛յս է իմ պատգամս ձեզի, ինչպէս նաեւ Քէսապի ողջ սփիւռքին: Քէսապը պիտի մնայ որպէս հայութեամբ տրոփող, հայութեամբ շնջող, հայութեամբ պայքարող հայկական աւան, այս լեռներուն վրայ թառած»:
 
 
Անդրադառնալով Առաջնորդ Սրբազանին տարած աշխատանքին, Նորին Սրբութիւնը բարձօրէն գնահատեց ըսելով, թէ Սրբազանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական բարձր սկզբունքներով եւ Անթիլիասական ոգիով գործեց ու պիտի շարունակէ գործել եւ ծաղկուն պահել մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը Բերիոյ Թեմէն ներս։ Մենք իբր եկեղեցականներ մեր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլանք ինչ ալ ըլլան պայմանները, յատկապէս երբ մեր ժողովուրդի զաւակները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ դուք կը վկայէք, թէ մեր եկեղեցականները, Շահան Սրբազանին առաջնորդութեամբ, այս գիտակցութեամբ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։ Աւարտին ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն։
 
 
Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հալէպէն ամարանոց բարձրացած Ազգային Առաջնորդարանի Պատսպարանի երեխաներուն եւ Սուրիոյ երիտասարդներու բանակումին։ Երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց անոնց պատրաստակամութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին ու կերտելու անոր պայծառ ապագան։
 
 
Աւելի ուշ, Քէսապի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան հետ Նորին Սրբութիւնը ընթրիք մը ունեցաւ։ Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, որ իբր այցելու քարոզիչ կը ծառայէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի զանազան համայնքներուն, թարգմանը հանդիսացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Քէսապի մէջ գործող զանազան միութեանց եւ արտասանեց սրտի իր խօսքը։ Ընթրիքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ականջալուր դարձաւ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ իր հայրական յորդորները տուաւ ու քաջալեր հանդիսացաւ, որ նոր ծրագիրներ ձեռնարկուին։
 
 
Թարթուս
 
 
Ուրբաթ 29 Յուլիս 2016-ին, Վեհափառ Հայրապետը Քէսապէն մեկնեցաւ Թարթուս քաղաքը, ուր Սուրիոյ պատերազմի պատճառով ապաստան գտած են բազմահարիւր հայ ընտանիքներ։ Սուրբ Դանիէլ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մուտքին, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Արսէնիոս Լահհամի, Թարթուսի ու շրջակայ քաղաքներուն մէջ ապաստանած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր մատակարարում տածող Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ Զղջանեանի ու իրենց Հայրապետին դիմաւորութեան եկած հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ դասը, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք։ Առաջնորդ Սրբազանը բացատրութիւն տուաւ նորակազմ այս ծխական համայնքին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան այս օրհնաբեր այցելութեան համար։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց Շահան Սրբազանը, Ազգային Իշխանութիւնը եւ ազգային կառոյցները, որոնք անտէր չեն ձգեր մեր ժողովուրդը եւ նոր ծրագիրներ կը մշակեն Սուրիոյ ծովափի զանազան շրջաններուն մէջ ապաստանած մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար։
 
 
Իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ «Անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին ես ձեզի հետ եղայ աղօթքով եւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը եւ մեր ժողովականները մնայուն կերպով զիս տեղեակ պահեցին, թէ մեր ժողովուրդի զաւակները ի՞նչ դժարութիւններու մատնուեցան Սուրիոյ մէջ։ Նոյն երկրին մէջ սուրիացի ժողովուրդը ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդը դարձան գաղթական: Հալէպէն, Ռաքքայէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Հասաքէէն, Տէր Զօրէն, Եագուպիէէն, Ղընէմիէէն, Արամօյէն եւ այլ շրջաններէ եկաք այստեղ պայմաններու պարտադրանքով։ Ձեր երախտագիտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք եղբայրական սիրով ձեզ ընդունած սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ միշտ մնաց ամուր: Ձեր հաւատարմութիւնը Հայաստանին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգային արժէքներուն եւ ձգտումներուն երբեք ստուեր չտեսաւ եւ ճիշդ անոր համար ես կը գնահատեմ ձեզ»: Ընդհատելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը յիշեց աշուղական երգին բառերը. «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան, վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կու գան ու կ’երթան. Դառն ցաւերը մարդու վերա չեն մնայ երկար» եւ հրաւիրեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հայր Թորգոմը, որպէսզի մեկնաբանէ Աշուղ Ջիւանիի այս երգը։ «Ինչպէս քիչ առաջ Սրբազանը ըսաւ, այստեղ եւս շուտով եկեղեցի պիտի շինէք, ձեր ազգային-եկեղեցական կեանքը պիտի կազմակերպէք: Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը. կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն իսկ վարժուած ենք, ուրիշներ քանդած են, մենք վերաշինած. ուրիշներ մահ սփռած են, մենք կեանքին ենք կառչած: Հետեւաբար, ես այսօր ուրախ եմ, որ ինչպէս Քէսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ, այստեղ եւս մեր ժողովուրդին դէմքերուն վրայ ժպիտ կը տեսնեմ: Ես կը սպասեմ որ այս ժպիտը աւելի ծաղկի եւ մնայուն ըլլայ ձեր դէմքերուն վրայ» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։
 
 
Վեհափառ Հայրապետի յուսադրիչ խօսքէն ետք կատարուեցաւ աջահամբոյր։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եւ ներկաները իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին Նորին Սրբութեան, որ իր կարգին զիրենք քաջալերեց կառչած մնալու իրենց եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն։ Յուզումնալից մթնոլորտին մէջ խմբային երգեր կատարուեցան, ազգային երգեր երգուեցան ու ասմունքներ արտասանուեցան, վստահեցնելով Նորին Սրբութեան թէ նորահաստատ այս համայնքը պիտի շարունակէ վառ պահել իր ազգային-եկեղեցական արժէքները։
 
 
Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական յաջորդ այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն Հալէպը, Դամասկոսը, Գամիշլին եւ Սուրիոյ այլ շրջանները։