15 July, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

 

Ուրբաթ 15 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւելէ ետք Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքին, ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին։ «Խոր ցաւով ու ընդվզումով իմացանք Նիս քաղաքին մէջ Յուլիս 14-ին՝ Ֆրանսայի անկախութեան օրը, անմեղ ժողովուրդին դէմ կատարուած ահաբեկչութեան մասին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ շարունակելով յայտնեց՝ «Խստօրէն կը դատապարտենք այս ահաբեկչական արարքը»։

 

Անդրադառնալով ահաբեկչութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ ահաբեկչութիւնը «ո՛չ կրօն, ո՛չ ազգութիւն եւ ո՛չ սահման կը ճանչնայ։ Համամարդկային չարիք է ահաբեկչութիւնը։ Հետեւաբար, կրօններ, ազգեր ու պետութիւններ կոչուած են միասնաբար արմատախիլ ընել զայն մարդկային ընկերութենէն»։

 

Իր նամակի վերջաւորութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ կ’աղօթէ զոհերու հոգիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վերաւորներուն, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին զօրակցութիւնը փոխանցեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու պետութեան։

More News