ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

 
 
 
Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին։ Սոյն Համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները։ Համախմբումը նպատակ ունի ամրապնդել համայնքներու միջեւ գործակցութիւնն ու պաշտպանել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն Համախմբումի ներկայացուցիչներն են Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանն ու Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։
 
Վարչութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը վերջին շրջանին Համախմբումի տարած աշխատանքներուն եւ մշակած ծրագիրներուն մասին։ Վարչութիւնը նաեւ ուզեց լսել Նորին Սրբութեան Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած երկու հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները։
 
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ բոլոր մակարդակներու վրայ ունեցած իր հանդիպումներուն կիզակէտն է Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնն ու քրիստոնեայ համայնքներուն ապահովութիւնը, շրջանէն ներս խաղաղութիւնը եւ ծայրայեղականութեան վտանգը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Համախմբումի տարած աշխատանքները, եւ քաջալերեց որ աւելի կազմակերպ ու ծրագրաւորուած կերպով շարունակէ իր գործունէութիւնը։