Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն ընդունելով «Կոկիկեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնուհի Սուհէյլա Հայէքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներու ընթացքին հիմնարկին կատարած կրթական մարզէն ներս աշխատանքներուն գծով։ Հիմնարկի տնօրէնուհիին ընկերացող Շանթ Վարդանեանին եւս Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց, որովհետեւ ան «Կոկիկեան» հիմնարկէն ստացած կրթաթոշակով ուսանած էր եւ վերջերս արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական մարմնին մաս կազմելու քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտած էր։
Յայտնենք, որ շուրջ տասը տարիներ առաջ հիմնուած «Կոկիկեան» կրթական հիմնարկին Նորին Սրբութիւնը իր քաջալերանքը ու օժանդակութիւնը յայտնած էր եւ այդ առիթով պարգեւատրած էր անոր բարերար՝ Միշէլ Կոկիկեանը։