Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրը։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու յատկապէս նախընտրական շրջանին Լիբանանի պարզած ներքին կացութիւնը։