Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալինին, որուն կ՚ընկերանար Խորհուրդի գործադիր վարչութեան մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։
Դոկտ. Սուրայյա ընդհանուր գիծերով պարզեց իր ստանձնած պատասխանատուութենէն ասդին կատարած իր աշխատանքները ու յատկապէս յառաջիկայի իր ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրաապետը միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս ունեցած երկար տարիներու փորձառութենէն մեկնելով՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց ընդհանուր քարտուղարուհիին միջ-եկեղեցական կառոյցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շուրջ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը իր թելադրանքները կատարեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին գործունէութեան առնչուած շարք մը ծրագիրներու շուրջ՝ շեշտելով աստուածաբանական երկխօսութենէ անդին եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։ Հայրապետը նաեւ թելադրեց կրթական բնագաւառին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն կատարուած օժանդակութեան ծիրէն ներս։