ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։ Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի երեկոյեան…