Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱՄ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՄԱԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան եղբայրները։

Պարգեւատրումէն առաջ խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեանը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մալեան եղբայրներուն կատարած բարերարութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց Մալեան եղբայրներուն կարեւոր ներդրումը՝ յատկապէս կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս՝ յիշելով եղբայրներուն վերջին բարերարութիւնը Կաթողիկոսարանին։ Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք կարդացուեցաւ Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս կ’ըսէր. «Մեզի համար հոգեկան ուրախութիւն է այս առիթով Մեր գնահատանքը յայտնել Ձեզի՝ Ձեր հարազատներուն ու բարեկամներուն ներկայութեան, այն բարերարութիւններուն համար, զորս Դուք հետեւողական կերպով ու նուիրումով կատարեցիք մեկենասութիւնը «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը» հատորին։ Որպէս հայ դպրոցի սրբազան առաքելութեան հաւատացող անձեր, Ձեր օժանդակութիւնը բերիք Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան դպրոցի կարիքաւոր աշակերտներուն։ Որպէս հայ կեանքէն ներս միութիւններու դերին հաւատացող հայորդիներ, թէ՛ Ձեր գործօն մասնակցութեամբ եւ թէ նիւթական ներդրումով զօրավիգ կանգնեցաք Հայ Կրթասիրաց Բարեգործական Միութեան եւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան ու Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան։ Որպէս հայ եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներ, հոգացիք ծախսերը Րմէյլի Ս. Յարութիւն եւ Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու վերանորոգման։ Վերջապէս, հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ Ձեր ունեցած խոր հաւատքէն ու ջերմ նախանձախնդրութենէն մղուած, սիրով ընդառաջեցիք Մեր փափաքին՝ գեղակերտ նոր պատով օժտելով Անթիլիասի Մայրավանքին արեւելեան կողմը»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով զարդարեց Մալեան եղբայրներուն կուրծքերը, որմէ ետք, յանուն Մալեան ընտանիքին, սրտի խօսք առաւ Արամ Մալեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին, որ այս մեծ պատիւին արժանացուց զիրենք։