«ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈՎ ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին Վեհարանի դահլիճին մէջ 21 Մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած համահայկական համաժողովը 23 Մարտին աւարտեց իր աշխատանքները։
Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս՝ Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն մէջ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, Դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, Տիար Միքայէլ Հաճեան, ատենապետ՝ Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան)։ Նիստերը նաեւ յաջորդաբար քննարկեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Տիար Նազարէթ Պէրպէրեան, Փրոֆ. Էտիկ Մինասեան եւ Դոցենտ Խաչատուր Ստեփանեան, ատենապետ՝ Տիար Շահան Գանտահարեան), անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը հայ մշակոյթին մէջ (Դոկտ. Գուրգէն Վարդանեան, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան, Տիար Կարօ Յովհաննէսեան, Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Դանիէլեան) եւ վերջապէս՝ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, ատենապետ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան)։
Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ինչպէս նաեւ համաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ համաժողովի արժեւորում։
Համաժողովին պաշտօնական փակումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ առաջին հերթին գնահատեց համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները ու ժողովականներուն ներկայութիւնը, որոնց շնորհիւ իրականացաւ նշանակալից եւ բարձրորակ եռօրեայ համաժողով. Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամները՝ Տիար Երուանդ Փամպուքեան, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Տիար Շահան Գանտահարեանին, Տիար Կիրօ Մանոյեան, Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Տիար Խաչիկ Տէտէեան։ Հայրապետը ընդգծեց, որ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած տարբեր կարծիքները, մտածումները եւ նշումները հարստացուցիչ էին, մինչ միաձոյլ ու միատեսակ կարծիքներ, մանաւանդ երբ անոնց մէջ զգացական գիծը աւելի շեշտուած է, քան գիտական ու քննական մօտեցումը, կրնան նոյնիսկ քանդիչ ըլլալ, ու աւելցուց, որ այս տարբերութիւններէն վեր հարկ է համախմբուած մնալ սրբազան արժէքներու շուրջ, որոնք կը կազմեն հայ ինքնութեան հէնքը։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ. «Պատմութիւնը թուականներու ու դէպքերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ անոր ետին գտնուող զարգացումներն են, որոնք ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան ու ազգ կը դարձնեն»։ Պատմական դէպքերը պատմաքաղաքական դիտանկիւններէ հարկ է նայիլ ու վերլուծել։ Փաստօրէն, Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդին անկախութեան հաւաքական տենչն ու խոյանքի արտայայտութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք կարողացանք ունենալ 1991-ի 21 Սեպտեմբերը, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։
Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատմագէտներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին ու Տիար Երուանդ Փամպուքեանին պարգեւատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով՝ Իշխանի շքանշանով։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմագէտները յարգանքի արժանի են իրենց տարած աշխատանքին համար։ Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին մօտ ըլլալով երկուքը շատ բան սորված են անկէ ու դարձած են ազատ, անկախ Հայաստանի առաքեալներ։ Անոնք մօտ ու գործակից եղած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յատկապէս Տիար Երուանդ Փամպուքեանը։
Համաժողովի փակումէն ետք ժողովականները բարձրացան Պիքֆայա եւ այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանք, ուր շրջեցան Դպրեվանքին մէջ ու տեղեկացան անոր կրթական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Վանքին շինարարական աշխատանքներուն մասին։ Ապա, հիւրասիրութեամբ Դպրեվանքին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, ուր գեղարուեստական ելոյթով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց բարերարներ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին։
Նշենք, որ համաժողովին զեկոյցները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով։