Շաբաթ, 17 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ուան առիթով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդ:
Խօսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին իւրայատկութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները ամէն տարի Սուրբին մուտն ի Վիրապի տօնը կը նշեն Մայրավանք ուխտի գալով ու սուրբին աջը համբուրելով կը լիցքաւորուին մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներով։ Հայրապետը յայտնեց, որ սուրբին նուիրուած մեր եկեղեցւոյ ժամասացութիւնը ճիշդ կերպով կը բնորոշէ անոր կեանքն ու առաքելութիւնը, երբ կ՚ըսէ՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ լուսաւորիչ հոգւոց»։ Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր հոգիները լուսաւորեց ու անոր առաքելութիւնը հոգեւոր լուսաւորութիւն դարձաւ։ Հայրապետը բացատրեց, որ քրիստոնէութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հոգիին. առանց հոգիի մարդ կը դառնայ սոսկ ֆիզիքական գոյութիւն, իսկ հոգին Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդուն մէջ։
Նշենք, որ այս առաւօտ ժամը 5:00-ին, ուխտաւորներ եւ դպրեվանեցիներ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն դէպի Անթիլիասի Մայրավանք ուխտերթ կատարեցին։