Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքը անգամ մը եւս ողողուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որ եկած էր տօնելու Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկական հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որու ընթացքին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը։ Հաւատացեալներու կողքին Պատարագին ներկայ էին նաեւ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը թէ՝ «ես յաղթեցի աշխարհին»։ Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ Որդւոյն այս խօսքէն մեկնելով ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին երկիր եկած էր երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնելու երկնքին, Աստուծմէ հեռացած մարդը մօտեցնելու Աստուծոյ, բարիէն հեռացած մարդը մօտեցնելու բարիին. այլ խօսքով՝ տիեզերքի ու մարդու Ստեղծիչին, բարութեան աղբիւր Աստուծոյ։ Իր այս նպատակը իրագործելու համար Քրիստոս քարոզեց, հրաշագործեց, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ։ Յարութիւնը խաչի զօրութեամբ տարուած յաղթանակն է։ Յաղթանակ՝ չարով տիրապետուած աշխարհին դէմ, մեղքով գերուած մարդուն դէմ։ Քրիստոսի յարութեան յաղթանակը մարդուն վերականգնումն էր, Պօղոս Առաքեալին բացատրութեամբ՝ մարդուն ու տիեզերքին վերստեղծումն էր։ Ահա թէ ինչու Քրիստոս ըսաւ՝ «ես յաղթեցի աշխարհին»: Աշխարհը իր չարով ու չարիքով, մեղքով ու ապականութեամբ յաղթելու իր առաքելութիւնը Քրիստոս իրագործեց յարութեամբ։ Հետեւաբար, յարութիւնը յաղթանակի օր է։ Երբ քրիստոնեաներ զիրար կ՚ողջունեն ըսելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» կը նշանակէ, որ Քրիստոսի յարութեամբ քրիստոնեաներ չարին ու մեղքին դէմ տարուած յաղթանակը կ՛ողջունեն»։ Շարունակելով իր պատգամը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «ոչ միայն յարութեան տօնի նշումով Քրիստոսի յաղթանակը պէտք է ողջունենք, այլ յարութեան զօրութեամբ պէտք է վերանորոգենք մեր հաւատքը ու հաւատարմութիւնը Քրիստոսի ճամբով աշխարհին յայտնուած արժէքներուն ու սկզբունքներուն»։
Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին սկզիբը ողջոյնեց Լիբանանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Զօր. Միշել Աունին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տիար Սերժ Սարգիսեանին, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին, թեմակալ առաջնորդներուն ու ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։
Յայտնենք նաեւ, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորանքներ ընդունեց Հոգեւոր Պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ: