Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախկին դեսպան եւ այժմ Լիբանանի պետութեան ներքին գործոց նախարարութեան մէջ խորհրդականի պաշտօն ունեցող Հասան Սաատը։
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութներուն առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Դեսպանին ներկայութեան Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց Քաթարի նախարարներէն Ապտալլահ Աթիէյին հետ եւ խօսեցաւ հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող ծրագիրներուն մասին։