Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

  Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նախկին նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի զաւակին՝ երեսփոխան Նատիմ Ժըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱՄ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՄԱԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան եղբայրները։ Պարգեւատրումէն առաջ խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեանը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մալեան եղբայրներուն կատարած բարերարութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն…