30 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ղպտի եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախկին քարտուղար դոկտ. Կրկէս Սալէհը։
Դոկտ. Սալէհ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Թաուատրոս Բ. պատրիարքին ողջոյնները եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու գծով անոր տեսակէտները։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց ընդհանրապէս եկեղեցիներու միջեւ ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս համաքրիստոնէական գործակցութիւնը ամրացնելու կարելիութիւնը՝ շրջանի պատմութեան ներկայ զգայուն հանգրուանին։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտը պարզէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին յառաջիկայ գործունէութեանց առնչուած որոշ հարցերու գծով, միաժամանակ կարեւորութեամբ ընդգծելով հայ եւ ղպտի դաւանակից եկեղեցիներու գործակցութիւնը ու եղբայրական ոգին աւելի ծաւալելու առաջնահերթութիւնը։