Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը։
Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Տիարք Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն, որոնք այս բարերարութիւնը կատարած են ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Ճորճի եւ Անժել Սապունճեաններուն։ Յայտնենք, որ սրբանկարներու հեղինակն է Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեան, որ նկարած է հայ եկեղեցւոյ մէջ նշանակալից տեղ գրաւած սուրբերու պատկերները, որոնք են՝ Ս. Պօղոս Առաքեալ, Ս. Պետրոս Առաքեալ, Ս. Յակոբ Մծբնացի, Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ, Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Ս. Ղեւոնդ Երէց, Ս. Վարդան, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացի, Ս. Ներսէս Մեծ եւ Ս. Սարգիս։
Օծման կարգի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը, ուր հակիրճ կերպով բացատրեց հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ օծման ու օրհնութեան ծիսակատարումները։ Հայրապետը սրբանկարներու ներկայացուցած երեք գլխաւոր պատգամներ փոխանցեց ու ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին սրբապատկերներու նկատմամբ հաւասարակշռուած մօտեցում ունի. ան ո՛չ թէ պատկերներ կը պաշտէ, այլ սրբապատկերներուն խորհուրդը արտայայտող դէպքերուն ու դէմքերուն առջեւ կը խոնարհի ու անոնց բարեխօսութիւնը կը խնդրէ, որպէսզի Աստուած մեր կեանքը Իր շնորհքներով լեցնէ։ Երկրորդ պատգամով Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մեր սուրբերէն շատերը մեր եկեղեցւոյ հայրերը կը նկատուին՝ թէ՛ իրենց սրբակեաց կեանքով ու քրիստոսակեդրոն վկայութեամբ եւ թէ՛ իրենց սրբազան գրականութեամբ։ Իսկ երրորդ պատգամով, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ այս սուրբերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սովորական իմաստով սուրբեր չեն եղած ու ճգնաւորական կեանք չեն ապրած, այլ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են։ Անոնք ազգային գրականագէտներ եղած են ու իրենց դրոշմը ձգած հայոց պատմութեան մէջ, նշեց ան։ Եզրափակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անոնք արժանի են բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի եւ հաւատարմութեան։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փակեց գնահատելով բարերարներուն նախաձեռնութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդին յիշեցուց, որ եկեղեցին բոլորին տունն է, եւ այս տունին բարեզարդումը բոլորին պարտականութիւնն է՝ իւրաքանչիւրը իր «այրի կնոջ լումայով»։