Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա, ուր աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ իր հեղինակած The Armenian Church անգլերէն գիրքին գերմաներէն ու ֆրանսերէն թարգմանութեանց առնչուած։
Յաջորդ օրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի մեկնի Պրիւքսէլ ընդառաջելով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահին հրաւէրին, իր պատգամը ուղղելու Եւրոպայի Խորհրդարանէն ներս տեղի ունենալիք Հայ Դատի նուիրուած հաւաքին։