ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրի գրասենեակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿ-ի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեան:

Խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցերու վրայ: Տեսակէտները նոյնանման էին եւ մտահոգութիւննները նոյնը: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Հայ աւանդական կուսակցութիւններու դերը պատմութեան ընթացքին Հայ Սփիւռքի քաղաքական միտքը կազմաւորելու աշխատանքին մէջ: Ան շեշտը դրաւ միասնական եւ միակամ գործելաձեւի կարեւորութեան վրայ միասնաբար դիմակալելու Հայ ժողովուրդին սպառնացող մարտահրաւէրներուն: Տիար Նահապետեան իր կարգին բարձր գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերն ու առաքելութիւնը: Ակնարկելով անցեալին վերաբերող տխուր եղելութիւններուն, ան շեշտեց թէ կեանքը սառած պատկեր մը չէ այլ շարժանկար եւ անառողջ գտաւ հին պատկերին մէջ սառած մնալու եւ անցեալը ապրիլ յամառող կարգ մը մարդոց մտայնութիւնը:

Անդրադարձ եղաւ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6րդ Համագումարին, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: ՌԱԿի պատուիրակութիւնը բաժնեց այն միեւնոյն հարցականները, որ Արամ Ա. Վեհափառը ունի Համահայկական Խորհուրդի մը կազմութեան վերաբերեալ: Շեշտը դրուեցաւ անոր դերին, տեսիլքին, գործելադաշտին եւ կանոնագրութեան յստակութեան կարեւորութեանը վրայ զորս տակաւին երկար քննարկումի կը կարօտի:

Աւարտին Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ու անոր գլխաւորած վարչութեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր դիմակալած դժուարին օրերու ընթացքին դէպի ապահով ափեր նաւարկելու իր աշխատանքին մէջ կարեւորելով անոր պատմական դերն ու անոր ազգային ու գաղափարական տեսլականը ապագայի մէջ: