ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԱՐԾԱՐԾՈՂ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ազգային ընդհանուր ժողովը չորս օրուան վրայ գումարեց Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութիւնը քննարկող նիստեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջնահերթ խնդիրներ, ի մասնաւորի քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, ընկերային ծառայութիւն, Սփիւռքի եւ թեմերու վերակազմակերպում, պահանջատիրութիւն։

 

Այս գծով, Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանէն) եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն) յատուկ նիստով մը զեկուցեցին Սփիւռքին վերակազմակերպման, հայկական ինքնութեան ամրապնդման եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան մասին։

 

Բագրատունի հարցադրումներու ուղիով անդրադարձաւ Սփիւռքի ներկայ բարդ կացութեան՝ նշելով, որ Սփիւռք սահմանումը ցեղասպանութենէն վերապրած սփիւռքը, նոր կազմաւորուող/կազմաւորուած Սփիւռքը եւ նաեւ մեր ուժերուն հասանելի հայկական գաղութները կը ներառէ։ Ան թուեց այն մարզերը, ուր Սփիւռքը, որպէս հայկական իրականութիւն, շատ բան ունի ընելիք՝ հայապահպանում, հայրենապահպանում, հայ դատ. այս առնչութեամբ, ան նշեց, որ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իրեն յատուկ մօտեցում եւ մտածելակերպ ու գործելաոճ։ Այս մեկնակէտէն ան հարցուց «ո՞վ է հայը» ու հարցադրումներ դրաւ հայկական ինքնութեան խնդիրով։

 

Քիւրտօղլեան դիտել տուաւ, որ հայապահպանման դասական ձեւերը վերջին երեսնամեակին ձախողութիւն կրած են։ Սփիւռքը իր ներկայ իրավիճակին հասնելուն պատճառներէն մէկը սփիւռքեան դառն իրականութիւնը թապու նկատելը եղած է, ըսաւ զեկուցաբերը ու աւելցուց, որ ներկայիս Սփիւռքը ապրելու ընտրավայր մը դարձած է։ Ապա ան թուեց հայօճախներուն պահպանման միջոցներն ու անոնց կարողականութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն անդրադարձաւ ձուլումը արագացնող երեւոյթներուն։ Քիւրտօղլեան հաստատեց, որ Սփիւռքը պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ, մանաւանդ երբ ձեռք ձգէ դարուս ընծայած դրութիւնները ի նպաստ իրեն օգտագործելու հնարաւորութիւնները։

 

Վերջապէս, ելոյթ ունեցաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան։ Ան խօսեցաւ Սփիւռք­­-Հայաստան գործակցութեան մասին ու կեդրոնացաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանէն արտագաղթը, Սփիւռքի գաղութներուն տարաբնոյթ ըլլալը (Արեւելք-Արեւմուտք տարբերութիւններով), Սփիւռքին գոյատեւման հաւատք չընծայելու խնդիրը, որուն հետեւանքով անոր համար թափուած ջանքերը կը մնան ջնջին, նշեց ան։ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ նաեւ ազգային անվտանգութեան, հայութեան քաղաքական օրակարգերու, Հայաստանի զարգացման եւ Սփիւռքի գոյատեւման հարցերու լծակներուն մասին։

 

Քննարկման նիստին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կատարեց իր նշումները։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաճախ ազգային կեանքին մէջ երկու հակադիր եւ վտանգաւոր մօտեցումներ կը գերիշխեն՝ զգացական եւ բացասական։ Ներկայ պայմաններուն անցեալի չափանիշեր օգտագործելը աննպաստ են ազգային կեանքին գոյատեւման, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը, նշելով որ անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ։ Վեհափառ Հայրապետը ժողովին հաստատեց, թէ ամիսներ առաջ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւն թեմայով տեղի ունեցած հաւաքը կարեւոր էր իր նիւթով, ինչպէս նաեւ անկէ բխած հարցերուն առնուելիք քայլերով։ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Սփիւռքին Հայաստանի մէջ կատարելիք աշխատանքին մասին, որ պէտք է ընդգրկէ նաեւ սփիւռքահայուն Հայաստանի մէջ գործունեայ մասնակցութիւնը։