21 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի երկու ներկայացուցիչներուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Ժան Սալմանեան։ Հիւրերը, առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Խորհրդարանի Նախագահին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, եւ ապա Նորին Սրբութեան փոխանցեցին պաշտօնական հրաւէր մը՝ Մուսա Սատրիի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի ներքին կեանքը յուզող հարցեր եւ յատկապէս Պէքայի եւ Արսէլի շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց լիբանանեան բանակին արի կեցուածքը ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան, պաշտպանութեան ու բոլոր շրջաններէն ներս ապահովութեան ամրապնդման։
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ հանդիսութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին, պիտի մասնակցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Տոքթ. Ժան Սալմանեանը։
Նոյն օրը, Հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատելով շնորհաւորեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Տոքթ. Միշէլ Ճալխը, Անթոնին համալսարանի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Տոքթ. Ճալխը Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց համալսարան դասախօսութիւն տալու։