ՏՕՆԱԾԱՌԻ ՈՒ Ս. ՄՍՈՒՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուան տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում՝ մեծ թիւով փոքրերու ու ծնողներու ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր մաղթանքը ուղղեց եւ տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցան…